
ՅԱՐԳԱՆՔ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Տառապանքը, անհանդուրժելի ատելութիւնը, բռնութիւնները եւ հայ ժողովուրդին հասցէին նախատինքը, ժամանակի ընթացքին անպայման պիտի ցնցէին իրաւազուրկ մեր ժողովուրդը: Ընդվզումը մարմին պիտի առնէր եւ ահաւոր թափով պոռթկար:
ՅԱՐԳԱՆՔ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒՆ
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Հայ ազգային ազատագրական տարեգրութեան մէջ անմոռանալի թուական մըն է 15 յունիս 1915-ը, ո՛ւր ժողովուրդի զանազան խաւերէն սերած քսան անվեհեր գործիչներ, քսան ողորկ պարաններու ծայրը ճօճուեցան՝ գաղափարի իրականացման ճամբուն վրայ:Իտէալը որ պաշտեցին եւ որուն համար զոհուեցան համահայկական եւ համամարդկային էր:
Տառապանքը, անհանդուրժելի ատելութիւնը, բռնութիւնները եւ հայ ժողովուրդին հասցէին նախատինքը, ժամանակի ընթացքին անպայման պիտի ցնցէին իրաւազուրկ մեր ժողովուրդը: Ընդվզումը մարմին պիտի առնէր եւ ահաւոր թափով պոռթկար:
Ռաֆֆիներ, Ծերենցներ, Քամառ Քաթիպաներ, Խրիմեաններ եւ այլ անմահ գործիչներ ընթացք տուին ժամանակի այդ պահանջին եւ մեր նոր ուղին գծեցին:
Ազատական գաղափարներով տոգորուած մեր ժողովուրդին պահանջը մեծամասնութեամբ ինքնապահպանման եւ ինքնորոշման բնոյթ ունէր: Ազգային ազատագարական պայքարը հետեւաբար ներածութեան եւ ո՛չ ալ արհեստական պատուաստումի արդիւնք է, ինչպէս կը փորձեն «մեկնաբանել» շատեր:
Ժողովուրդ մը կ՛ապրէր իր պապենական հողերուն վրայ: Եւ երբ հայ ժողովուրդը կը ջանար ապահովել իրաւունքներու ամենէն տարրականը՝ խաղաղ ապրելու հնարաւորութիւնը՝ հայուն կեանքի վերածուեցաւ դժոխքի..: Դարերու տառապանքէն ծնաւ մեր պայքարը: Ազատ խօսելու, ազատ խորհելու եւ ազատ ապրելու իրաւունքը պահանջելը չէ՞ր այն պատճառը, որ քսան հայեր, ծաղիկ կեանքեր, անձնազոհ հերոսներ, քսան մտաւորական, ուսանող, բժիշկ եւ յեղափոխականներ նահատակուեցան: Ուրիշ ի՞նչ մեղք գործած էին անոնք:
Փորձանաւոր եւ ճակատագրական պահեր կ՛ապրէր արեւմտահայութիւնը : Ասպարէզ պէտք էր իջնէին բոլո՜ր անոնք, որոնք ծրագրել եւ այդ ծրագիրը գործադրել գիտէին իմաստութեամբ եւ յարատեւութեամբ: Տոկալ եւ համբերել գիտէին: Պայքարիլ եւ պարտել գիտէին:
Փարամազ աւելի քան յոռետես էր հայկական բարենորոգումներուն վերապահուած վախճանէն: Անոր կարծիքով, գառան հօտը գայլին վստահիլ կը նշանակէր, որեւէ բարիք չակնկալել ցարական դիւանագիտութենէն՝ հայ ժողովուրդին համար:
Փարամազ դոյզն յոյսն իսկ չունէր, որ ի գին հայկական «նոր փոկրումներու» ցարական Ռուսիան կարենար գլուխ բերել զինեալ միջամտութիւն եւ գրաւել Արեւմտահայաստանը, որ դարձեալ բարիք մը պիտի ըլլալ կը սեպուէր արեւմտահայութեան համար:
Ուրեմն « ի ՞նչ ընել», Փարամազ կը թելադրէր միջ-կուսակցական անկեղծ գործակցութիւն, զէնքով պաշտպանելու համար վտանգուած հայութեան գոյութիւնը, գալիք անխուսափելի փոթորիկներէն:
Քսաններուն համար առաջնահերթ խնդիրը հայկական գաւառներու ժողովուրդին պաշտպանութեան կազմակերպումն էր: Հայ կուսակցութիւնները իրարու կռուան պէտք է հանդիսանային եւ նեղմիտ նկատառումներով պէտք չէ խաչաձեւէին զիրար:
Դաշնակցական խօսակիցներու հետ այս մտքերը կ՛արտայայտէր Փարամազ, 1912-ին, Վանի մէջ .« Վասպուրականի մէջ զօրաւորագոյն կազմակերպութիւնը Դաշնակցութիւնն է, թող անոր շուրջ համախմբուին Հնչակեան եւ Ռամկավար կուսակցութիւնները: Կիլիկիոյ մէջ ալ- Հաճըն, Զէյթուն եւ այլուր- հնչակեանները թող ղեկավարեն հայութիւնը, գործակցութեամբ դաշնակցականներու եւ ռամկավարներու»: Հասուն եւ անկեղծ յեղափոխական գործիչի ազգակերտ մտածումներ...:
Վան գտնուելու ժամանակամիջոցին Փարամազ եւ Արտաշէս Սոլաքեան բազմաթիւ հանդիպումներ կ՛ունենան դաշնակցական պատասխանատուներու հետ: Սոյն տեղեկութիւնները քաղած եմ դաշնակցական գործիչ Խոսրով Թիւթիւնճեանի « Անմահներուն Հետ-Վասպուրական մեր աշխարհին մէջ» գիրքէն, ուր հեղինակը, Բարունակ Կապուտիկեանի հետ( Սիլվա Կապուտիկեանի հայրը) ամենօրեայ հանդիպումներ կ՛ունենայ հնչակեան երկու գործիչներուն հետ: Թիւթիւնճեանի վկայութեամբ Հնչակեան Առաքեալը իր ողջմիտ, լայնասիրտ եւ բարեացակամ մօտեցումներով շատ յիշեցուցած է Սիմոն Զաւարեանը:
Փառաց ճանապարհը, ուրկէ անցան Քսանները, առանց աջ ու ձախ խոտորելու: Հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին ազատութեան ճանապարհն էր, որուն վրայ գիտակցութեամբ ինկան, յաւերժացնելով մեր ժողովուրդը եւ նուիրագործելու մեր դատը:
Կախաղա՜ն...: Այո՛ սիրելի ընկերներ, կախաղան բարձրացաք, Ժիրայրներու, Մուրատներու, Չէլլօներու գաղափարակիցներ: Թիֆլիսի մէջ լոյս տեսնող «Մշակ» ը կը վկայէ, որ Թալէաթ անձամբ հետամուտ էր, որպէսզի Հնչակեան գործիչները ծանրագոյն պատիժներու ենթարկուին:
Անոնք կախուեցան, բայց գաղափարը անմեռ մնաց: Ինչպէս անմահն տոքթ. Պեննէ կ՛ըսէր.« Դուք, մեզ քսան անմեղներս կը կախէք, բայց գիտցէ՛ք, որ ուրիշ քսան հազարներ պիտի գան մեր վրէժը լուծելու...»:
Հայ վրէժխնդիր գնդակէն Պերլինի փողոցներուն մէջ դիտապաստ Թալէաթ, հոգին աւանդած պահուն մտաբերե՞ց արդեօք Քսան նահատակներու այս շանթահարիչ խօսքերը:
Հայ յեղափոխական երիտասարդութեան մէջ գտնուած են ու տակաւին կը ծնին բազմաթիւ Թեհլիրեաններ: Անոնց անջնջելի սխրագործութիւններով զարդարուած է մեր ժողովուրդին պատմութիւնը:
Քսան կախաղաններու տարելիցին, թող իւրաքանչիւր հայ անգամ մըն ալ վերանորոգէ իր ուխտը՝ անդրդուելիօրէն շարունակելու պայքարի փշոտ ճամբան, մինչեւ որ մեր հայրենիքի արիւնագեղ երկնակամարին վրայ շողայ ամբողջական Հայաստանի արշալոյսը, վեհօրէն սաւառնի անկախութեան անընկճելի ոգին:
Այո՛ «Ամէն տեղ մահը մէկ է, երբ մարդ իր ազգին ազատութեան համար կը մեռնի: Ռազմադաշտին վրայ ըլլա՛յ, թէ՛ մահաբեր պարանէն կախուած: Այդ մահը լոյ՛ս է, այդ մահը ու՛ժ է, այդ մահը յաղթանա՛կ է արդէն...
Փա՜ռք եւ յարգա՜նք Քսաններուն:
Փա՜ռք եւ յարգա՜նք հայ ժողովուրդի բոլոր նահատակներուն: